2015-02-10 08:25:43

Ձայնասփիւռի օր` Ռատիոն անփոխարինելի միջոց


(Ռատիօ Վատիկան) ''Երիտասարդներն ու Ռատիոն` ձայնասփիւռը'' այս է նիւթը 2015-ի Ռատիոյի համաշխարհային օրուան, որ կը զուգադիպի 13 Փետրուարին, նախաձեռնուած Ունեսքոյի կողմէ, ունենալով որպէս կէտնպատակ վերյիշեցնել Ռատիոյի եզակի դերը` որ կը հասնի ամէն անհատի ուր ալ որ գտնուի'' կը հաղորդագրէ ''Signis'', Ռատիոյի կաթողիկէ համաշխարհային ընկերակցութիւնը, ընդգծելով որ Ռատիոն իր իւրայատուկ ու եզակի եղանակով կը շարունակէ տեղեկացնել, հրապուրել ու ներշնչել։
Ռատիոն կը մնայ հաղորդակցութեան կամուրջ մը աշխարհի մէջ, հետը բերելով բարգաւաճում հեռաւոր ու կղզիացած մարդոց։ Այդ իմաստով ոչ մէկ հաղորդակցութեան միջոց այդ կարողութիւնը ունի` հասնելու ժողովուրդներու ու բազմազան մշակոյթներու։
Ռատիոյի կաթողիկէ համաշխարհային ընկերակցութեան գնահատումով `13 Փետրուարը բարեպատեհ առիթ մըն է տօնախմբելու Ռատիոյի կարեւորութիւնը մեր առօրեայ կեանքին մէջ։ Ունեսքոյի տնօրէնուհին `Irina Bukova, իր ուղղած պատգամին մէջ մաղթանք յայտնած է որ երիտասարդութիւնը աւելի գործօն դեր մը ունենայ ընկերային հաղորդակցութեան միջոցներու մէջ, ընդգծելով որ անոնք կը ներկայացնեն համաշխարհային բնակչութեան 50 տոկոսը։
Յայտնենք թէ Ռատիոյի համաշխարհային չորրորդ օրուան առթիւ, Սպանիայի Ռատիոյ Ակատեմեան, Ռատիոյ Վատիկանին կը շնորհէ միջազգային մրցանակը` տուչութեան արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ Մատրիտ` Սպանիայի մայրաքաղաքին մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.